2017-01-21 10:34:00

Պելառուսիան Պլոկըր Լափշինը պիտի արտայանձնէ Պաքուին` Արցախ այցելելուն համար


Պելառուսիոյ Հանրապետութեան գլխաւոր դատախազի տեղակալը որոշում կայացուցած է բաւարարելու Ատրպէյճանի գլխաւոր դատախազութեան խնդրանքը` Ռուսիոյ եւ Իսրայէլի քաղաքացի, պլոկըր Ալեքսանդր Լափշինը Ատրպէյճանին արտայանձնելու վերաբերեալ:

Յայտնի պլոկըրը, յիշեցնենք, Արցախ այցելելէ ետք յայտնուած էր Ատրպէյճանի «սեւ ցուցակ»-ին մէջ, ապա 2-րդ անգամ այցելած է Պաքու` ուքրանական անձնագիրով: Լափշինը նաեւ իր պլոկին մէջ հրապարակումներ կատարած էր Ատրպէյճանի մասին, ներկայացնելով այն խնդիրները, որոնց ինք հանդիպած էր այցելութեան ժամանակ, քննադատած այդ քաղաքականութիւնը:

Այսպիսով` որոշում տրուած է Ատրպէյճանի քրէական օրէնսգիրքի 281.2 (պետութիւններու դէմ հրապարակային կոչեր) եւ 318.2 (Ատրպէյճանի Հանրապետութեան պետական սահմանի անօրինական հատում) յօդուածներով քրէական պատասխանատուութեան ենթարկել պլոկըրը:

Այս մասին իր ֆէյսպուքեան էջին մէջ յայտնած է ՀՀ փաստաբաններու պալատի նախագահ Արա Զոհրաբեան` ներկայացնելով նաեւ կայացած որոշման քաղուածքը:

Աւելի առաջ լրատուամիջոցները գրած էին այն մասին, որ Լափշին յաջողած է 2-րդ անգամ Պաքու այցելել, քանի որ ատրպէյճանական յատուկ ծառայութիւնները զայն չեն նոյնացուցած. «Ալեքսանդր»-ի փոխարէն ուքրանական անձնագիրին մէջ նշուած եղած է «Օլեքսանդր» եւ թոյլ տուած են անոր 2-րդ անգամ մտնել Ատրպէյճան:

Դատարանի որոշման քաղուածքին համաձայն, Լափշին, սակայն կը մեղադրուի անոր համար, որ «նախնական յանցաւոր համաձայնութիւն ձեռքբերած է անյայտ անձերու հետ, կազմաւորած է յանցախումբ եւ առանց անձը հաստատող փաստաթուղթի, անօրինական հատած է Ադտրպէյճանի պետական սահմանը: Մեղադրանքին համաձայն, ապօրինաբար հատելով Ատրպէյճանի Հանրապետութեան պետական սահմանը Լափշին հրապարակային կոչեր հնչեցուցած է Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան դէմ` զանոնք զետեղելով իր պլոկին մէջ»։

Պելառուսիոյ դատախազութիւնը արտայանձման որոշումը հիմնաւորած է հետեւեալ կերպով. Արտայանձնումը տեղի կ՛ունենայ, երբ քրէական պատասխանատուութեան ենթարկելու համար կան բաւարար հիմքեր, երբ կատարուած յանցանքը քրէօրէն պատժելի է եւ կ՛ենթադրէ նուազագոյնը մէկ տարուայ ազատազրկում:

Իսկ հանգամանքը, որ պլոկըրը Պելառուսիոյ քաղաքացի չէ, որոշման համաձայն, չի խոչընդոտեր արտայանձման իրականացման: «Սլեքսանդր Լափշինը Պելառուսիոյ Հանրապետութեան քաղաքացի չէ: Ատրպէյճանի Հանրապետութեան անոր արտայանձնելու խոչընդոտներ Ատրպէյճանի եւ Պելառուսիոյ օրէնսդրութեամբ չկան: Ուստի որոշում տրուած է բաւարարել Ատրպէյճանի Հանրապետութեան խնդրանքը Ատրպէյճանին արտայանձնելու մասին»,- ըսուած է որոշման մէջ:

Պելառուսիոյ գլխաւոր դատախազութեան որոշումը կրնայ բողոքարկուիլ Մինսկի քաղաքային դատարան` 10 օրեայ ժամկէտի մէջ:

ի դէպ, Արա Զոհրաբեան իր ֆէյսպուքեան էջին մէջ նաեւ գրած է, որ այս որոշումը դեռ չեն տրամադրած Ալեքսանդր Լափշինի փաստաբաններուն:

Ան միաժամանակ յայտնած է, որ ՀՀ փաստաբաններու պալատին կողմէ ստեղծուած աշխատանքային խումբը կ՛աշխատի այս հարցով եւ իր հնարաւորութիւններու սահմաններուն մէջ մասնագիտական օժանդակութիւն պիտի ցուցաբերէ Լափշինին, քանի որ «Ալեքսանդր Լափշին մեր պաշտպանութեան կարիքը ունի»:

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.